Լիբանանահայ, ՍԴՀԿ-եան շրջանակներուն ծանօթ անձնաւորութիւն Գէորգ Տաղլեան կը գրէ ՝
Չորեքշաբթի ,13 Յունիս 2018 թուականէն անցած են 5 տարի:
Այսօր 13 Յունիս 2023-ն է:
Առյաւէտ կորսնցուցինք տիպար Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան զինուորագրեալ՝ ընկեր Արսէն Տագէսեանը ։
2018-ի Յունիս ամիսն էր եւ մեր սիրելի ընկերոջ առողջական վիճակը հետզհետէ կը վատթարանար եւ բոլորս համոզուած էինք, թէ դժուար էր մեր սիրելի ընկերոջմէն բաժնուիլ եւ առանց իրեն շարունակել մեր գործերը:
Սակայն ընկեր Արսէնի հանգստանալու միակ պարագան մեզմէ անվերադարձ բաժնուիլն էր, որ մեզի համար դժուար էր ընդունիլ։
Կը պատրաստուէինք ոգեկոչելու 20 Կախաղանները, սակայն մեր տրամադրութիւնները ալեկոծ էին , կարճատեւ եւ անբուժելի հիւանդութեան պատճառով կորսնցուցած էինք ընկեր Արսէն Տագէսեանը ։
Կ'ընդհատուէր լուսառատ պատուական հօր մը ներկայութիւնը ։
Նման օրինակելի, անփոխարինելի ու անկրկնելի կուսակցական նուիրեալ ընկերի մը շիջումով՝ մեր օճախի աւանդական հաւաքները կը նօսրանային , հրեշտակ դարձած մեր ընկեր Արսէնը արդէն ներկայ չէր:
Յուղարկաւորութեան մենք յուզախռով, արցունքոտ աչքերով, ուսամբարձ դագաղը կը տանեինք իր վերջին հանգիստին:
Ննջէ խաղաղութեամբ, յարգելի ու սիրուած ընկեր Արսէն ։
Հարազատներդ , ընտանիքդ, ինչպէս նաեւ 5 թոռներդ՝ Վանան , Արսէնը , Վայգը, Փարամազը եւ Մասիսը քու ջամբած համամարդկային եւ հայրենասիրական արժէքներդ են , անոնց հաւաքական նկարագիրը արդէն կը վկայեն Ձեր մարդու եւ հայու տիպարը եւ միշտ պատնէշի վրայ գտնուած ըլլալդ:
Լո՛յս երկնային ճանապարհիդ...
Այո՛, ննջէ հանգիստ...