image

Տխրունիական կաղնիներէն մին. Արսէն Տագէսեանի յիշատակին

Տխրունիական կաղնիներէն մին. Արսէն Տագէսեանի յիշատակին

Լիբանանահայ, ՍԴՀԿ-եան  շրջանակներուն  ծանօթ  անձնաւորութիւն   Գէորգ Տաղլեան կը գրէ ՝

Չորեքշաբթի ,13 Յունիս 2018 թուականէն անցած են 5 տարի: 

Այսօր 13 Յունիս 2023-ն է: 

Առյաւէտ կորսնցուցինք տիպար Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան զինուորագրեալ՝ ընկեր Արսէն Տագէսեանը ։

2018-ի Յունիս ամիսն էր եւ մեր սիրելի ընկերոջ առողջական վիճակը հետզհետէ կը վատթարանար եւ բոլորս համոզուած էինք, թէ դժուար էր մեր սիրելի ընկերոջմէն բաժնուիլ եւ առանց  իրեն շարունակել մեր գործերը: 

Սակայն ընկեր Արսէնի  հանգստանալու միակ  պարագան մեզմէ անվերադարձ բաժնուիլն էր, որ մեզի համար դժուար էր ընդունիլ։

Կը պատրաստուէինք ոգեկոչելու 20 Կախաղանները, սակայն մեր տրամադրութիւնները ալեկոծ էին , կարճատեւ եւ անբուժելի հիւանդութեան պատճառով  կորսնցուցած էինք ընկեր Արսէն Տագէսեանը ։ 

Կ'ընդհատուէր լուսառատ պատուական հօր մը ներկայութիւնը ։

Նման օրինակելի, անփոխարինելի ու անկրկնելի կուսակցական նուիրեալ ընկերի մը շիջումով՝ մեր օճախի աւանդական հաւաքները կը նօսրանային , հրեշտակ դարձած մեր ընկեր Արսէնը արդէն ներկայ չէր:

Յուղարկաւորութեան  մենք յուզախռով, արցունքոտ աչքերով, ուսամբարձ դագաղը կը տանեինք  իր վերջին հանգիստին: 

Ննջէ խաղաղութեամբ,  յարգելի ու սիրուած ընկեր Արսէն ։

Հարազատներդ , ընտանիքդ,  ինչպէս նաեւ 5 թոռներդ՝ Վանան , Արսէնը , Վայգը, Փարամազը եւ Մասիսը քու  ջամբած համամարդկային եւ հայրենասիրական արժէքներդ են , անոնց հաւաքական նկարագիրը արդէն կը վկայեն Ձեր մարդու եւ հայու տիպարը եւ միշտ պատնէշի վրայ գտնուած ըլլալդ:

Լո՛յս երկնային ճանապարհիդ...

Այո՛, ննջէ հանգիստ...