image

Տիարպէքիրի Ծխական Խորհուրդի այցը Պոլսոյ Սահակ  Բ. Պատրիարքին

Տիարպէքիրի Ծխական Խորհուրդի այցը Պոլսոյ Սահակ  Բ. Պատրիարքին

Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) Ծխական Խորհուրդի ներկայացուցիչները, օրերս, այցեթած են Պոլսոյ Սահակ  Բ. Պատրիարքին։ ԱՆոնք տեղեկութիւններ փոխանցած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նորոգութեան ու վերականգնողական աշխատութիւններու մասին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Փետրուար 2025, Չորեքշաբթի, ընդունեց Տիյարպաքըրի (Տիգրանակերտ) Ծխական Խորհուրդի ներկայացուցիչները, ատենապետ Էրկիւն-Վարդգէս Այըքը եւ Վոլքան Առատը։

Այցելուներ յայտնեցին, որ եկած էին տեղեկութիւն փոխանցելու Տիյարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նորոգութեան ու վերականգնողական աշխատութիւններու մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, յիշեալ աղօթատունը տարիներու հոլովոյթով ունի խիստ անմխիթար վիճակ մը եւ Ծխական Խորհուրդը, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ, ձեռնարկած էր նորոգութեան։ Անոնք յայտնեցին, որ աշխատանքները կը շարունակուին Ծխական Խորհուրդի կողմէ։ Նոյն առթիւ պիւտճէին կատարուած է նաեւ պետական յատկացում, սակայն, նկատի ունենալով գործին տարողութիւնը, անհրաժեշտ է դիմել մեր միւս վաքըֆներու եւ համայնքի նիւթական օժանդակութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Ծխական Խորհուրդին, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեան մէջ։