Թուրքիոյ Արդուին նահանգի Խոպա քաղաքին մէջ, ոստիկանութիւնը գրոհած է համշէնցի մտաւորական Ճէմիլ Աքսուի տունը: Այս մասին յայտնած է թրքական gazeteduvar.com.tr կայքը:
Ոստիկանական ուժերը, խուզարկելով Աքսուի տունը, ձերբակալած են անոր կնոջ՝ Նուրճան Աքսուին: Ոստիկանները գրաւած են նաեւ Նուրճանին պատկանած շարք մը գիրքեր եւ անոր անձնական համակարգիչը:
«Դասական օրինակ մեր հայրենիքէն... Դիմատետրի մէջ եղած հրապարակումներու պատճառով վաղ առաւօտեան գրոհած են մեր տան վրայ, խուզարկած, Նուրճանը ձերբակալած, գրաւած անոր համակարգիչն ու մի քանի գիրք: Հիմա կ'երթանք բաժանմունք, կ'երթանք Արդուին», - ընկերային ցանցի իր էջին մէջ գրած է Աքսուն: