Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հնարաւոր լայնամաշտապ խաղաղ համաձայնագրի շրջածիրէն ներս կրնայ ճանչնալ Խրիմի նկատմամբ Ռուսիոյ վերահսկողութիւնը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Bloomberg գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
Ըստ հրապարակման՝ վերջնական որոշում այս հարցի շուրջ դեռ կայացուած չէ, սակայն այն կը դիտարկուի որպէս քննարկման ենթակայ տարբերակ՝ հակամարտութեան դադրեցման պարունակին մէջ։
Խրիմը Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ անցած է 2014 թուականին, սակայն ԱՄՆ-ն, Եւրոմիութիւնը եւ միջազգային հանրութեան մեծ մասը չեն ճանչցած Խրիմը ռուսական տարածք հռչակելու յայտարարութիւնը։
Bloomberg-ի աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ ԱՄՆ եւրոպացի դաշնակիցները այս փուլին չեն պատրաստուիր ճանչնալ Ուքրանիոյ կողմէ ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած որեւէ տարածք որպէս ռուսական։
Ուքրանիոյ իշխանութիւնները, իրենց հերթին, բազմիցս ընդգծած են, որ պատրաստ չեն որեւէ տարածք զիջելու Ռուսիոյ, ներառեալ՝ Խրիմը։