Քրիստոսի յարութեան պատմութիւնը յեղափոխական եւ փրկարար միտք է բոլոր անոնց համար, որոնք հաստատապէս կը հաւատան, թէ կեանքի ու մահուան իրականութիւնները չեն սահմանափակուիր բնական օրէնքներով ու սովորական դրոյթներով: Իրապէս, արմատականօրէն յեղաշրջող է Խաչեալի յարութեան իրականութիւնը, որովհետեւ մեր առջեւ կը բանայ ոչ միայն մահէն ասդին, այլ մանաւանդ` մահէն անդին իսկական կեանք ունենալու յաւիտենական պարգեւը:
Բնականաբար մարդու սահմանափակ միտքը արդարացի կասկած պիտի ունենայ եւ պիտի փնտռէ շօշափելի տուեալներ: Պօղոս առաքեալ չհաւատացողները կը կոչէ «կորսուածներ», որոնց աշխարհով սահմանուած իմաստութիւնն ու հանճարը զիրենք պիտի պահէ մարմնաւորի անզօր պարունակին մէջ (Ա. Կորնթացիս 1.18-19): Սակայն բոլոր անոնց համար, որոնք կը գիտակցին, թէ կեանքի կորիզը հոգին է, ծնունդ պիտի առնէ հաւատք մը, որ կը հաստատէ, թէ կեանքի Տէրը` մարմնին մէջ հոգի փչող Արարիչը, միայն Ինք կարող է ամէն անկարելիի:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան պատգամը կրնայ փոխել ամէն յուսակտուր կեցուածք: Մահուան տխուր պատկերով բաւարարուողներուն համար կայ ելք ու փրկութիւն: Իսկ անկեղծ հաւատացեալին համար Տէր Յիսուսի յարութիւնը պիտի վերածուի կեանքի ամբողջական ուղիի եւ յաւիտենական ու անսահման յոյսի ճանապարհի:
Իսկապէս մարդ արարածին հիմնական տկարութիւնը յոյսի չգոյութեան մէջ է: Դժբախտը ընկերութեան անտէրն ու անկարը չէ, մարմնով տկարն ու նիւթականով կարօտեալը չէ բնաւ: Բուն ողորմելին այն է, որուն յոյսը միայն այսօրուան` մարմնի, կեանքի, եսի, անունի, այսօրուան հաւաքածին ու սպառածին վրայ է հիմնուած (Ա. Կորնթացիս 15.19) :
Յարութեան պատգամը յոյսի պատգամ է: Քրիստոսով կայ անսահման վաղուան յոյս` ի՛նչ ալ ըլլան ներկայի ամրութիւնները կամ թուլութիւնները:
Աշխարհը յաճախ կը հարուածէ բարին` կասկածով, յաւիտենական յոյսը` մարմնաւոր հարցերով, իսկ յարութեան զօրութիւնը` իրականութիւնը ծածկելով, մանաւանդ` մարդը շուարեցնելով համոզիչ թուացող սուտով:
Երբ յարութեան վկայ հանդիսացող հաւատացեալ կիները գերեզմանէն կը հեռանային, պարպուած գերեզմանի պահապան զինուորները կ՛ուղղուէին դէպի իրենց երէցներն ու պատասխանատուները` յարութեան մասին ահազանգ հնչեցնելու: Զարմանալի չէր օրուան մեծամեծներուն կեցուածքը. կաշառել պահակները, որ ստեն եւ ըսեն, որ Յիսուսի աշակերտները գողցած են անոր մարմինը (Մատթէոս 28.11-15) :
Այսօրուան մեր անձնական, ազգային թէ ընդհանուր մարդկային հարցերը կրնան ունենալ պատերազմներու, ընկերային անարդարութեանց, քաղաքական ցնցումներու, մարմնական հիւանդութիւններու, հոգեկան սայթաքումներու, գիտաստեղծ բաբելոնեան աշտարակներու, տնտեսական ճգնաժամերու կամ բարոյականութեան անկումի ծանր խորագիրներ: Սակայն, ինչպէս միշտ, իսկական ցաւը անյոյս ըլլալու մէջ է եւ յանձնատու ըլլալու` այն մեղքին, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծոյ շնորհքէն եւ յաւիտենական յոյսէն:
Առանց հաւատալու Յարուցեալին ու Անոր յարութեան` չկայ քրիստոնէական ընթացք: Առանց յարութեան շնորհած կեանքին` չկայ յաւիտենական յոյս: Այս հաստատումին դիմաց` աշխարհի կեղծիքն ու սուտը կրնան շրջապատել մեզ, հոգեզրկել մեզ, մեր իրաւունքներն ու պատմութիւնը խլել մեզմէ, բազմութիւնները մոլորեցնել եւ փորձել մեր յոյսի ճրագը խափանել:
Այդ բոլորին դիմաց կայ հրաշափառ Յարութեան պատգամը, որ ընթացիկ փոփոխութիւն չէ, աստուածաբանական տարբերակ չէ, այլ մտքի ու հոգիի իսկական յեղաշրջում` խաւար աշխարհէն դէպի յաւիտենական լոյս: Իսկ յաւիտենական յոյսի զաւակները այսօր պարտին գործել եւ շրջել մտայնութիւններ` Յարուցեալի եւ յարուցեալ ժողովուրդի հոգիով:
Մեր պատասխանը Անով է, որ ըսաւ` «Ես եմ Յարութիւնն ու Կեանքը. ով որ Ինծի հաւատայ, թէեւ մեռնի` պիտի ապրի» (Յովհաննու 11.25):
Վեր. Փօլ Հայտոսթեան
ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ
Ապրիլ 2025