Իրան մտադիր չէ համագործակցիլ Սուրիոյ անցումային կառավարութեան հետ, քանի դեռ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները չեն ապահոված երկրի մէջ անվտանգութիւնը։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Իրանը չի փոխգործակցիր Սուրիոյ ներկայիս կառավարութեան հետ: Մենք կապեր չունինք, եւ չենք շտապեր ունենալ: Մենք որեւէ քայլ չենք ձեռնարկեր անոնց դէմ, պարզապէս կը սպասենք, որ անոնք աւարտեն անվտանգութեան, կայունութեան ապահովման աշխատանքները, եւ ստեղծուի օրինական կառավարութիւն, որ կը ներառէ բոլոր էթնիք խումբերը»,- RT-ին տուած հարցազրոյցին նշած է նախարարը։
Արաքչիի խօսքով՝ սուրիական հարցը բարձրացուած է իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ։ «Թէ՛ Իրանը, թէ՛ Ռուսիան չափազանց անհանգստացած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակով, եւ երկու կողմերն ալ շահագրգռուած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովմամբ»,- աւելցուցած է նախարարը։