image

«Կանչուած ենք ըլլալու Յարութեան վկաներ». Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան

«Կանչուած ենք ըլլալու Յարութեան վկաներ». Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան

«Մի վախնար։ Ես եմ սկիզբը եւ ես եմ վախճանը։ Ես եմ կենդանի եղողը եւ ես եմ որ մեռայ  եւ ահաւասիկ կենդանի եմ յաւիտեան յաւիտենից» (Յայտնուոթիւն 1.17-18)։

Յարութեան ձայնն է ահա։

Պահ մը լսենք այդ ձայնը։

Յարութեան ձայնը մեր շուրջն է։ Ան յոյս ներշնչող, շղթաները խորտակող, վախը փարատող ձայնն է միշտ։

Յարութիւնը անցեալին մէջ կատարուած արարք մը չէ սոսկ, այլ իրադարձութիւն մը որ մենք կ՚ապրինք այսօր։

Յիսուս Քրիստոսի, Յարուցեալ Փրկչին խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն, որ Ան յաւիտեան կենդանի է եւ մենք կեանք ունինք իրմով, եւ իր մէջ` առանց սահմանափակումներու։

❖ Յարութիւնը կեանք կը պարգեւէ։

Այսօրուան աշխարհին մէջ յաճախ ականատես կ՚ըլլանք եւ երբեմն դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի փորձութիւններու, տագնապներու, որոնք վախ, անորոշութիւն եւ կասկած կը յառաջացնեն։ Ի՞նչ ընել նման պահերուն, պարզապէս յիշել որ Աստուծոյ զօրութիւնը՝ Յարութիւնը, որ Նոր Կեանքի համար է։ Այո՛ Յարութիւնը կը յաղթահարէ ու կը փարատէ վախն ու կասկածը։ Վախը կայ, գոյութիւն ունի, տիրական է իր ներկայութեամբ մեր մտքերուն մէջ։ Յաճախ անձնական դժուարութիւններ, տնտեսական անկայունութիւն եւ կամ հիւանդութիւն պատճառ կը հանդիսանան որ մենք մեզ զգանք եւ կամ ուղղակի յայտնուինք խաւարի մէջ։ Այսուամենայնիւ, Քրիստոս յաղթեց մահուան եւ մեզի հետ քալեց իւրաքանչիւր փոթորիկի մէջէն։

Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ քանդեց ու փշրեց ամէն պատնէշ որ մեզ կը բաժնէ Աստուծմէ։ Ճշմարտութիւնը նոյնն է. «Փառքի Թագաւորը» յարութիւն առաւ։ Յարութիւնը ճշմարիտ եւ վճռորոշ յայտարարութիւնն է՝ որ ոչինչ կրնայ մեզ հեռացնել Աստուծմէ, ոչ մեղքը, ոչ վախը, ո՛չ իսկ մահը։ Ան կը հրաւիրէ մեզ ազատագրուած կեանքի, անցեալի ունայնութիւնը մերժող, անցեալի վախերն ու սխալներն ու անյաջողութիւնները գերեզմանող։ Այո՛, Յարուցեալին ձայնն է որ կը հնչէ ամենուորէք. «Մի վախնար»։ Մենք կանչուած ենք դուրս գալու մեր մեղքի գերեզմաններէն եւ մտնել ճշմարիտ կեանքի ճանապարհին մէջ։

Այո՛, Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ իր յաղթանակով Նոր Կեանք պարգեւեց՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ։ Վստահինք Յարուցեալին եւ յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն, տագնապ եւ խոչընդոտ։

❖ Յարութիւնը մեր ամէնօրեայ պայքարի ընթացքն է։

Յարութիւնը միայն մահէն յետոյ յաւերժական կեանքի մասին չէ, այլ կը վերաբերի այսօրուան վերափոխուած կեանքին։

Այո՛, կեանքը լեցուն է այլազան մարտահրաւէրներով, առողջութեան կորուստ, տնտեսական ճգնաժամ, խզուած յարաբերութիւններ, աշխատատեղիի եւ կամ բնակարանի կորուստ։ Դիւրին է տկարանալը, սակայն Քրիստոսի Յարութիւնը կու գայ յիշեցնելու մեզի, որ նոյնիսկ ամնադժուար պահերուն Աստուած ձեռնածալ չէ, այլ կը գործէ։ Ան գերեզմանները այգիներու կը վերածէ, սուգը՝ ուրախութեան։

Մենք կանչուած ենք ապրելու լոյսի մէջ, քաջ գիտնալով որ անվերապահօրէն սիրուած ենք Աստուծոյ կողմէ։ Անկախ անորմէ, թէ ո՞վ ենք, ի՞նչ դիրք ունինք եւ ո՞ւր կը գնուինք, Աստուծոյ սէրը մշտական, ամէնուրեք է եւ անսասան է։

❖ Յարութիւնը յուսադրող ուժ է։

Քրիստոսի յաղթանակը մահուան վրայ նաեւ մեր յաղթանակն է։ Ոչ մէկ ճգնաժամ,դժուարութիւն, մարտահրաւէր չի կրնար մեզ բաժնել ու հեռացնել Իր հայրական սէրէն։ Երբ անհանգիստ կը զգանք, վախով կամ կասկածով յուսալքուած ենք, հաստատ մնանք իր խոստումին մէջ, այն նոյն զօրութիւնն է որ յարութիւն տուաւ Յիսուսին մեռելներէն եւ Ան կ՚ապրի մեր մէջ։

Որքանո՞վ կ՚ապրինք յարութեան զօրութեամբ։ Քրիստոսի լոյսը մնայուն պէտք է ճառագայթէ եւ յուսադրէ մեզ ամենափոթորկոտ եւ դժուար պահերուն։

❖ Յարութեան վկաներն ենք։

Կանչուած ենք ըլլալու Յարութեան վկաներ։ Յոյսի կարօտ այս աշխարհին մէջ պէտք է ըլլանք իր ձեռքերն ու ոտքերը։ Այսինքն կիսել անոր սէրը, խաղաղութիւն բերել այնտեղ՝ ուր հակամարտութիւն կայ, բարութիւն՝ ուր ատելութիւն կայ, արդարութիւն՝ ուր դատաստան կայ։ Սիրոյ իւրաքանչիւր գործողութիւն, ներման իւրաքանչիւր պահ, հաւատարմութեան իւրաքանչիւր քայլ վկայութիւն է կենդանի Քրիստոսի։

Լսէ՛, նորէն լսէ՛։ Յարութեան ձայնը փրկուածներուս ուրախութեան, հաւատացեալներուս աղօթքներուն, Յոյս ունեցողներուս երգերուն մէջ է։ Յիսուս կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից եւ քանի որ Ան կ՚ապրի, մենք նոյնպէս կրնանք ապրիլ առանց մեղքի, առանց վախի, այն քաջ գիտակցութեամբ եւ մեծ վստահութեամբ, որ Տիրոջ յաղթանակը մերն է։

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի