Երեւանի մէջ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատի (ԶՊՄԿ) կայուն զարգացման գծով տնօրէն Արմէն Ստեփանեան National Polytechnic University of Armenia / Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարանի աւագ դպրոցին մէջ կայացած հանդիպման մասնակից աշակերտներուն ներկայացուցած է «Կայուն զարգացումը ժամանակակից գործարարութեան (պիզնես) մէջ» թեմայով դասախօսութիւն՝ ներկայացնելով ընդհանուր առմամբ հանքարդիւնաբերութեան դերը մարդոց կեանքին եւ կենցաղին մէջ, ինչպէս նաեւ ատոր նշանակութիւնը՝ երկրի տնտեսութեան համար։
«Դահլիճում հաւաքուած մօտ հարիւր աշակերտներից շատերը վստահաբար հետագայում՝ դառնալով մասնագէտներ, աշխատանք են փնտռելու նաեւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում, որը բազմաթիւ տարբեր մասնագէտների կարիք ունի։ Աւելին այս ոլորտը գրաւիչ է երիտասարդ մասնագէտների համար՝ բարձր վարձատրուող, հետաքրքիր եւ կարեւոր աշխատանքով»,-ըսած է Արմէն Ստեփանեանը։
ԶՊՄԿ-ն կը կարեւորէ երիտասարդներու մասնագիտական կողմնորոշմանն ուղղուած հանդիպումները, որոնք նաեւ կը նպաստեն նոր սերունդի համար հանքարդիւնաբերութեան դերի ընկալման, տեղեկացուածութեան բարձրացման, ոլորտի շուրջ առկայ առասպելներու չէզոքացման։
«Հանքարդիւնաբերութիւնը ամէնուր է,- բացատրեց Արմէն Ստեփանեանը,- ձեր հեռախօսները, ձեր համակարգիչները, անգամ այս բարձրախօսը հանքարդիւնաբերական արտադրանքի արդիււնք են։ Այն ամէնը, ինչ մենք օգտագործում ենք, աճում է հողից կամ դուրս է բերւում ընդերքից։ Մեր կեանքը հնարաւոր չէ պատկերացնել առանց հանքարդիւնաբերութեան։ Բայց չափազանց կարեւոր է, թէ ինչպէս է կազմակերպւում հանքարդիւնաբերութիւնը, որքանով է այն համապատասխանում միջազգային չափանիշներին, որքանով է այն կիրառում գոյութիւն ունեցող նորագոյն տեխնոլոգիաները (արհեստագիտութիւնները), որոնց շնորհիւ շրջակայ միջավայրի վնասների ռիսքերը հասցւում են նուազագոյնի»։
Նշենք նաեւ, որ Ա. Ստեփանեանի խօսքէն ետք ելոյթով հանդէս եկած է Գանատահայ Արդիւնաբերութեան փորձագէտ, ICMA-ի համահիմնադիր՝ Թերընս (Սրապ) Օրթսլանը, որ ներկայացուցած է «Հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղներու սկզբունքները. անցեալ, ներկայ եւ ապագայ» թեմայով շահեկան դասախօսութիւն, որու ընթացքին խօսած է աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող հանքերու, ատոնց տեսակներու մասին եւ ներկայացուցած ոլորտի հետագայ զարգացման տեսլականը։
Դասախօսութենէն ետք ներկաներուն առիթ տրուած է ուղղելու իրենց հարցումները եւ բնականաբար ծաւալած է շահեկան քննարկում։
Հանդիպման ընթացքին բանախօսներուն ուղղուած բազմաթիւ եւ տարաբնոյթ հարցերը ցոյց տուած են, որ ներկաներուն հետաքրքրած է իրենց ստացած տեղեկատւութիւնը, եւ երիտասարդութեան մօտ ոլորտի հանդէպ ուշադրութիւնը էապէս աճած է, ինչպէս նաեւ պարզ դարձած է, որ հանքարդիւնաբերութեան մասին այսօրուան ընկալումները կը տարբերին տարիներ առաջ ունեցած թիւր պատկերացումներէն։
Նիւթը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը