image

Երեւանի մէջ. Շտապօգնութեան ինքնաշարժը արկածի ենթարկուած, բժիշկը մահացած

Երեւանի մէջ. Շտապօգնութեան ինքնաշարժը արկածի ենթարկուած, բժիշկը  մահացած

Այսօր վաղ առաւօտեան ցաւալի դէպք է տեղի ունեցած է. Երեւանի մէջ իրենց մասնագիտական պարտքը կատարելու ժամանակ վթարի ենթարկուած է շտապօգնութեան մեքենան:

Այս ամսին դիմատետրի իր էջին գրած է Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը:

«Ցաւօք, բժիշկը մահացել է: Իմ խորին ցաւակցութիւններն եմ յայտնում բժշկուհի Ղազարեանի ընտանիքին, հարազատներին:

Բուժքոյրը վիրահատուել է, առողջական վիճակն այս պահին գնահատւում է ծանր»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ այսօր՝ ժամը 05։40-ի սահմաններուն, Թամանցիներ փողոցին վրայ՝ «Գործարանային մեթրո»-ի հարեւանութեամբ «Toyota» մակնիշի շտապօգնութեան մեքենան բախած է երկաթեայ ելեկտրասիւնին։

Վթարի հետևանքով վարորդը, բժիշկն ու բուժքոյրը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած էին  հիւանդանոց։