Երբ թշնամիները մօտեցած են Դամասկոսին, Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատ թռած է մասնաւոր օդանաւով կանխիկ փող, թանկարժէք իրեր եւ գաղտնի փաստաթուղթեր դուրս բերելու համար, որոնք կը բացայայտեն անոր հարստութեան ետին գտնուող կազմակերպութիւններու ցանցը, յայտնած է Reuters-ը:
Նախագահի գլխաւոր տնտեսական խորհրդական Եաշար Իպրահիմը կազմակերպած է օդանաւի վարձակալութիւնը՝ Ասատի արժէքաւոր ունեցուածքը, հարազատները, օգնականները եւ նախագահական պալատի աշխատակիցները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ չորս չուերթով տեղափոխելու համար: «Իպրահիմը, որ կը ղեկավարէր նախագահի տնտեսական եւ ֆինանսական տնօրինութիւնը, մեծ դեր խաղցած է կազմակերպութիւններու ցանցի ստեղծման գործին մէջ, որոնք Ասատը կ՚օգտագործէր սուրիական տնտեսութեան հատուածները վերահսկելու համար՝ յաճախ հանդէս գալով որպէս նախկին կառավարիչի ճակատ՝ համաձայն ԱՄՆ պատժամիջոցներու ծանուցումներու, ինչպէս նաեւ սուրիացի տնտեսական փորձագէտներու եւ Ասատին մօտ կանգնած աղբիւրի»,- գրած է լրատուամիջոցը։ Reuters-ը նշած է, որ Embraer Legacy 600 օդանաւը չորս անընդմէջ թռիչք կատարած է դէպի Սուրիա Ասատի տապալումէն առաջ 48 ժամուան ընթացքին։ «C5-SKY» օդանաւը գրանցուած է Կամպիայի մէջ։
Չորրորդ օդանաւը դեկտեմբեր 8-ին օդ բարձրացած է ռուսական «Հմէյմիմ» ռազմական օդակայանէն, որ կը գտնուի Լաթաքիոյ մերձակայքը՝ Սուրիոյ Միջերկրական ծովու ափին, համաձայն թռիչքներու հետագծման տուեալներու, արբանեակային պատկերներու եւ ռազմաօդային ուժերու հետախուզութեան նախկին աղբիւրի»,- գրած է լրատուամիջոցը։
Ասատ նոյն ռազմական օդակայանէն, նոյն օրը փախած է Ռուսիա։ Սուրիայէն Ասատի աւանդներու հեռացման գործողութեան մասին նախապէս չէ հաղորդուած։
Reuters-ը զրուցած է 14 սուրիական աղբիւրներու հետ, որոնք գիտեն այդ ուրուագիծը, այդ շարքին՝ օդակայանի աշխատակիցներու, հետախուզութեան եւ նախագահական նահակազօրի նախկին սպաներու եւ Ասատի ձեռնարկութիւններու ցանցին մօտ կանգնած անձի:
Լրատուական գործակալութիւնը նաեւ վերլուծած է Իպրահիմի անձնակազմի միջեւ WhatsApp-ի հաղորդագրութիւնները, թռիչքներու հետագիծի տուեալները, արբանեակային պատկերները եւ կազմակերպութիւններու, օդանաւերու սեփականության գրանցամատեանները երեք մայրցամաքներու մէջ՝ զեկոյց կազմելու համար այն մասին, թէ ինչպէս Ասատի վստահուած անձը կազմակերպած է օդանաւի անվտանգ անցումը:
«Օդանաւին մէջ կը գտնուէին սեւ պայուսակներ՝ առանց նշաններու, կանխիկ փողով, որոնց մէջ առնուազն 500 000 տոլար կար, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր, համակարգիչներ եւ կոշտ սկաւառակներ «Խումբի» մասին կարեւոր տեղեկատւութեամբ, քոտային անուանում, որ Ասատը եւ Իպրահիմի գործընկերները օգտագործած են կազմակերպութիւններու բարդ ցանցի նշմամբ, որ կ՚ընդգրկէ հեռահաղորդակցութիւններ, դրամատնային գործ, անշարժ գոյք, ուժանիւթ եւ գործունէութեան այլ տեսակներ»,- նշած է լրատուամիջոցը։