Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաք հաստատուած ազգային բարերար Մայք Սարեան եւ իր տիկինը՝ Էվելինա Սարեան, բախտաւորուած են զաւակով մը։
«Արեւելք» համացանցային հրապարակումներէ տեղեկացավ, որ Սարեաններու նոր միասնութեան առաջին որդին կոչուած է Մայք Սարեանի հօր՝ Երջանիկի անունով, որ բնիկ լիբանանահայ էր եւ երկար տարիներ առաջ մեկնած ու հաստատուած էր Լոս Անճելըս։
Մայք Սարեան հանրայայտ եւ յաջողակ գործարար է, կը գործէ՝ ներդրումներ կատարելով առողջապահական-հիւանդանոցային ոլորտներուն մէջ։
Միաժամանակ Մայք Սարեանի մշտադիտարկման ուշադրութեան կեդրոնին են Հայաստանը եւ իր ծննդավայր Լիբանանը։ Այս առումով ալ ան բարերարութիւններ կատարած է ու կը կատարէ ինչպէս Լոս Անճելըսի, այնպէս ալ՝ Հայաստանի (մօտիկ անցեալին նաեւ Արցախի), Պէյրութի եւ Սուրիոյ հայկական համայնքներուն համար։
Մեր սրտագին մաղթանքները կը յղենք Սարեաններուն՝ փոքրիկն Մայք-Երջանիկին մաղթելով առողջ եւ բախտաբեր օրեր։