Ատրպէյճանը հանդէս եկած է որպէս միջնորդ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ առաջին հաշտեցման գործի ժամանակ։ Այդ ճգնաժամի ժամանակ մենք աշխուժ դեր խաղցանք երկու երկրի դիրքորոշումներու մերձեցման հարցով, յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ։
Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլն ու Թուրքիան Ատրպէյճանի մտերիմ բարեկամներն են: Ան յիշեցուցած է, որ 2021 թուականին Թուրքիոյ հետ ստորագրուած հռչակագրով Պաքուն եւ Անգարան պաշտօնապէս դաշնակիցներ են:
«Իսրայէլը նոյնպէս բարեկամ երկիր է Ատրպէյճանի համար։ Այս փոխադարձ բարեկամութիւնը տարիներու ընթացքին դրսեւորուած է տարբեր դժուարին իրավիճակներու մէջ։ Ուստի այս երկու երկրի միջեւ որեւէ թիւրիմացութիւն մեզ կ՚անհանգստացնէ»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։