image

Ապաքինման մաղթանք ՝ Ստեփան Փարթամեանին (Լուսանկար)

  Ապաքինման մաղթանք ՝ Ստեփան Փարթամեանին (Լուսանկար)

Ամերիկահայ հաղորդավար եւ մեկնաբան Ստեփան Փարթամեան օրերս կը բոլորէ դարմանման փուլ մը։ 

 

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցի ճամբով Ստեփանի կատարած գրառումէն, ուր ան մանրամասն կերպով ներկայացուցած էր իր առողջական իրավիճակը։ 

 Փարթամեան մասնաւորապէս գրած էր՝ «Այսօր իր լրումին կը հասնի վերջին օրերուն երկրորդ անգամ ըլլալով հիւանդանոց գտնուելու երկրորդ օրը։ Ցաւօք, վիրահատութիւնէն ետք  եղանորոշակի բարդութիւններ ու վարակ ստանալուս պատճառով պէտք է անցընեմ դարմանման այս փուլը»։ 

 

 Ինչպէս յստակ կը դառնայ անոր գրառումէն, Ստեփանի համար այս փուլին մտահոգիչը արագօրէն աշխատանքի վերադառնալու հարցն է, որովհետեւ ինչպէս ինք կը նշէ ունի երեք կարեւոր մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք կը պահանջեն ամէնօրեայ հետապնդում։ 

Յիշեցնենք, որ վերջին ամեակներուն Ստեփան կարեւոր ճիգեր գործադրած է աւելի հանրաճանաչ դարձնելու համար հայկական գինին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այդ առումով ալ ամէնամեայ թափով  կը կազմակերպէ Ginifest փառատօնը (արդէն  8 տարիներէ ի վեր)։

 Ան նաեւ գրած է, թէ այս ամսուայ աւարտին դարձեալ իր կազմակերպութեամբ պիտի կայանայ հայրենի արուեստագէտ Գագիկ Պատալեանի համերգը «Ալեքս» դահլիճէն ներս։ Ստեփան նաեւ մասնակից է (Հայաստան Հիմնադրամի  հետ միասին) «Արցախ» պարի համոյթի ելոյթի կազմակերպման աշխատանքներուն, որ դարձեալ պիտի համարուի կարեւոր միջոցառում ամերիկահայութեան համար։