image

« Որպէս ազգ մենք գտած ենք ուժը մոխիրներէն վեր յառնելու...» Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան

« Որպէս ազգ մենք գտած ենք ուժը մոխիրներէն վեր յառնելու...» Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան

Որպէս հայ ժողովուրդ մենք շատ լաւ գիտենք, որ փորձութիւններու եւ տառապանքի ինչպիսի ճանապարհէ անցած ենք։ Սակայն անթիւ անգամներ մենք գտած ենք ուժը մոխիրներէն վեր յառնելու, վերստին կերտելու եւ վաղուան յոյսով նայելու։

Ինչպէս կանայք գերեզմանի մօտ, այնպէս ալ մենք կոչուած ենք համարձակօրէն կենալու մեր վախերուն դէմ, եւ որպէս միասնական համայնք՝ առերեսուելու մեր կեանքի «քարերուն»։

 

Այս տարի եւս երբ համախմբուած ենք մեր եկեղեցիներու կամարներուն ներքեւ Սուրբ Զատիկի մշտանորոգ եւ Սուրբ Յարութեան աւետաբեր պատգամը լսելու, մտովին կը վերյիշենք մեր Եկեղեցւոյ աւանդութեան խորքերը արմատացած Աւետարանի խորհրդաւոր դրուագներէն մէկը, ուր երեք կանայք՝ Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի մայր Մարիամը եւ Սաղոմեն, կորուստի կսկիծով, բայց անսասան հաւատքով արշալոյսին կ՛ուղեւորուէին դէպի իրենց սիրելի Վարդապետի գերեզմանը՝ Անոր չարչարած մարմինը բուրաւէտ իւղերով օծելու։

Անհրաժեշտ է ընկալել այս ճանապարհի խորհուրդը։ Այդ երեք քաջարի կանայք թէպէտ վշտալից եւ յուսահատ էին, բայց կը մարմնաւորէին անկոտրում կամքի, սիրոյ ու անմնացորդ հաւատարմութեան այն կապը, որ զիրենք կը միաւորէր սրբազան առաքելութեան մէջ։

Անոնք ճամբայ ելան անորոշութիւնն ու վախը իրենց սիրտերուն, ընկղմուած լռութեան մէջ, որ կ՛աղաղակէր անոնց ներքին խռովութիւնը։

Անոնք մթնշաղի մէջ կը քալէին՝ յուսահատութեան սեւ քօղի ներքոյ դէպի իրենց սիրելի Վարդապետի գերեզմանը, բայց գիտէին, որ իրենց կը սպասէր ահարկու տեսարան մը՝ հսկայ վէմ մը, որ կը փակէր քարայրին մուտքը։ Ան կը խորհրդանշէր անյաղթահարելի փորձութիւնները, որոնց պիտի բախէր մեզմէ իւրարաքանչիւրը։

Անոնք, այնուամենայնիւ, չհրաժարեցան այդ դժուար ճանապարհէն։ Անոնց քայլերու ձայնը կ՛արձագանգէր ոչ միայն վիշտ, մորմոք, այլ նաեւ լուռ, անխօս յոյս, որ նոյնիսկ կորուստի ահռելի ցաւի ներքոյ կարենային երկրպագել Յիսուսին։

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ալ յաճախ կը պատահի որ խարխափինք անորոշութեան մէջ՝ փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու ծանրութեան տակ։ Մեզ շրջապատող աշխարհի մէջ կան՝ կորուստ, ցաւ ու արգելքներ, որոնք յաճախ անլուծելի կը թուին։ Եւ ինչպէս այդ կանայք, այդպէս ալ մենք երբեմն կը զգանք մեր ներքին «քարերու» ճնշող ծանրութիւնը։

Մենք թէ՛ որպէս անհատներ, եւ թէ որպէս ազգ կքած մեր վախերու եւ անվստահութեան բեռէն, յաճախ մենք մեզ կը գտնենք կանանց նոյն իրավիճակին մէջ։ Բաժանումը, հակամարտութիւններն ու ապագայի նկատմամբ անորոշութիւնը իրենց հետքը կը ձգեն մեր հաւաքական սիրտին մէջ եւ մենք կը փնտռենք յոյսի շող մթութեան մէջ։

Երեք կանանց պատմութիւնը, սակայն, յուսահատութեամբ չ՛աւարտիր։ Անոնք վերջապէս կը հասնին գերեզման, բայց անոնց չի դիմաւորեր մահուան լռութիւնը, այլ՝ պայծառ յոյսի լոյսը եւ նոր իրականութեան լուսաբացը։ Այդ ծանր քարը, որմէ կը վախնային, այլեւս այնտեղ չէր. ան արդէն հեռացուած էր, որ խորհրդանիշն էր աստուածային միջամտութեան։

Նոյն պահուն հրեշտակը յայտնուեցաւ իրենց եւ ազդարարեց հաւատքն ու համայն աշխարհը յեղափոխող խօսքերը՝ «Ան այստեղ չէ. Ան յարութիւն առած է»։ Այս վճռորոշ պահը մեր հաւատքի էութիւնն է, այն որ նոյնիսկ ամենախաւար պահուն գոյութիւն ունի նորոգման եւ փոխակերպման անսասան խոստում․ խոստում, որ յենակէտ կը դառնայ այն ժամանակ, երբ ամէն ինչ անյուսալի կը թուի։

Ինչպէս կանայք յոյս գտան Յիսուսի հրաշալի յարութեամբ, այդպէս ալ մենք կոչուած ենք յոյսով լեցուելու մեր կեանքին ընթացքին՝ անկախ առկայ դժուարութիւններէն։ Յոյսը անտարբեր ցանկութիւն չէ, այլ՝ գործող ուժ, որ մեզ առաջ կը մղէ, եթէ նոյնիսկ ճանապարհը բարդ ու մշուշոտ թուի։

Մեր հաւաքական կեանքի ընթացքին երբեք չմոռնանք որ Յարութիւնը միայն երկու հազար տարուան վաղեմութիւն ունեցող իրադարձութիւն չէ։ Ան կենդանի իրականութիւն է, որ կը շարունակէ ծաղկիլ մեր սիրտերուն ու համայնքներու մէջ եւ վերակենդանացնել մեր ոգին ու ներշնչել մեզ գործելու։

Որպէս հայ ժողովուրդ մենք շատ լաւ գիտենք, որ փորձութիւններու եւ տառապանքի ինչպիսի ճանապարհէ անցած ենք։ Սակայն անթիւ անգամներ մենք գտած ենք ուժը մոխիրներէն վեր յառնելու, վերստին կերտելու եւ վաղուան յոյսով նայելու։

Ինչպէս կանայք գերեզմանի մօտ, այնպէս ալ մենք կոչուած ենք համարձակօրէն կենալու մեր վախերուն դէմ, եւ որպէս միասնական համայնք՝ առերեսուելու մեր կեանքի «քարերուն»։

Ամէն բարի գործ, զոր կը կատարենք․ ամէն անկեղծ աղօթք, զոր կը բարձրացնենք առ Աստուած․ եւ իւրաքանչիւր քայլ, զոր կը ձեռնարկենք հաշտեցման եւ սիրոյ ուղղութեամբ, կրնայ մեր սիրտերէն եւ մեր աշխարհէն շարժել այդ ծանր քարերը՝ ճանապարհ հարթելով դէպի յոյս եւ ամոքում։

Այս Ս․ Զատիկին, մեր սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ Աւետարանի երեք կանանց մեզի տուած խորհուրդն է՝ մեր վիշտը վերածել յոյսի, լռութիւնը՝ ցնծութեան երգի, իսկ խաւարը՝ Քրիստոսի պայծառ լոյսի։

Թող որ մեզմէ իւրաքանչիւրը քաջութեամբ ընթանայ նոր կեանքի արշալոյսին ընդառաջ՝ վստահ ըլլալով, որ ան Ով կը յաղթէ մահուան, մեզի նաեւ ուժ կու տայ յաղթահարելու մեր փորձութիւնները եւ ապրելու մեր աստուածային առաքելութեամբ։

Աղօթենք, որ այս յոյսը մարմնաւորենք մեր կեանքին մէջ, կիսուինք զայն շռայլօրէն բաշխելով մեր շրջապատին, որպէս լոյսի փարոսներ «խաւար» ժամանակներուն։