Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարար Հուլուսի Աքարը։
«Խաղաղութեան համաձայնագիրը շահաւէտ պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու համար։ Թուրքիան կ՚աջակցի այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։
Ղարաբաղի մէջ յաղթանակը դարձած է համերաշխութեան խորհրդանիշ ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, այլ նաեւ ողջ թրքական աշխարհի համար»,-ըսած է ան: