image

Իսրայէլ կրնայ առաջիկայ ամիսներուն հարուածել Իրանի միջուկային կառոյցները՝ հակառակ Թրամփի նախազգուշացման․ Reuters

Իսրայէլ կրնայ առաջիկայ ամիսներուն հարուածել Իրանի միջուկային կառոյցները՝ հակառակ Թրամփի նախազգուշացման․ Reuters

Իսրայէլ կրնայ հարուածել Իրանի միջուկային կառոյցները առաջիկայ ամիսներուն՝ հակառակ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախազգուշացման, յայտնած է Reuters-ը՝ յղում ընելով անանուն պաշտօնեային եւ խնդրին ծանօթ երկու անձանց։

«Իսրայէլ չէ ​​բացառած առաջիկայ ամիսներուն Իրանի միջուկային կառոյցներու վրայ յարձակումը, թէեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները ներկայիս պատրաստ չէ աջակցելու նման քայլին»,-ըսուած է յօդուածին մէջ։

Գործակալութիւնը մանրամասնած է, որ Իսրայէլը Սպիտակ տան առաջարկներ ներկայացուցած է տարբեր հզօրութեան՝ իրանեան միջուկային կառոյցներու դէմ գործողութիւններու, այդ շարքին՝ օդային հարուածներու եւ յատուկ նշանակութեան ուժերու կիրառման վերաբերեալ։