Արցախցի լրագրող, բանաստեղծ, ուսուցիչ Կարէն Շիրինեանը Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ դժբախտ պատահարի զոհ դարձած է։
Ան Արցախի վերջին իրադարձութիւններէն որոշ ժամանակ անց տեղափոխուած էր Ռուսիա, ուր կ՚աշխատէր ձեթի արտադրման գործարանի մէջ։
Կարէնի մանկութեան ընկեր Նարեկ Պապոնց Առաքելեանը հարազատներէն տեղեկացած է, որ Կարէնն անզգուշաբար ինկած է հոսքագիծի մէջ, տեղափոխած են հիւանդանոց, սակայն կեանքը փրկել չեն յաջողած։
Ան ունէր երկու որդի։ Կարէն Շիրինեանը նաեւ ուսուցիչ աշխատած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ։ Կը գրէր բանաստեղծութիւններ, հրապարակախօսական նիւթեր։
Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Ռուսիոյ Քրասնոտար քաղաքին մէջ։