image

Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին ընդունիլ «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրինագիծ

Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին ընդունիլ «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրինագիծ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի խորհրդարանի վաւերացման ներկայացնել «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրէնքի նախագիծ։

Այս մասին յայտնած է ermenihaber.am-ը:

Ըստ հրապարակուած գրաւոր յայտարարութեան՝ օրէնքն ուղղուած պիտի ըլլայ «այլ երկիրներու կամ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու համար աշխատողներու դէմ, որոնք կը սպառնան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան»։ Օրինագիծով այդ արարքի համար կը նախատեսուի մինչեւ 7 տարուան ազատազրկում։

Նմանատիպ օրէնք ընդունուած է նաեւ Վրաստանի մէջ, որ լուրջ քաղաքական ճգնաժամ առաջացուցած էր այդ երկրին մէջ։ Վրաստանի խորհրդարանն առաջին ընթերցմամբ ընդունած էր «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրինագիծը, որ, ըստ ընդդիմութեան, կը կրկնէ «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» ռուսական օրէնսդրութիւնը։