image
Հրատապ լուրեր:

Քոնկրեսական Թոմաս Մեսին օրինագիծ ներկայացուցած է ՆԱԹՕ-էն ԱՄՆ-ի դուրս գալու մասին

Քոնկրեսական Թոմաս Մեսին օրինագիծ ներկայացուցած է ՆԱԹՕ-էն ԱՄՆ-ի դուրս գալու մասին

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Թոմաս Մեսին (հանրապետական Քենթաքի նահանգէն) ներկայացուցած է օրինագիծ, որու համաձայն Միացեալ Նահանգները պէտք է դուրս գայ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքէն։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ քոնկրեսականն այդ մասին գրած է X-ի իր էջին՝ յայտարարելով, որ ՆԱԹՕ-ն պաղ պատերազմի մնացուկ է։

«Միացեալ Նահանգները պէտք է դուրս գայ ՆԱԹՕ-էն եւ այդ գումարն օգտագործէ ինքզինք, այլ ոչ թէ ընկերվարական ​​պետութիւնները պաշտպանելու համար», - նշած է օրէնսդիրը՝ նկատի ունենալով դաշինքին Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան հետ կապուած ծախսերը։

Ան աւելցուցած է, որ ներկայացուցած է օրինագիծ, որով կ՚առաջարկէ դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին։

Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է, որ ՆԱԹՕ-ի կազմի մէջ մտնող եւրոպական երկիրներն ունին բաւարար տնտեսական եւ ռազմական ներուժ իրենց սեփական պաշտպանութիւնն ինքնուրոյն ապահովելու համար։

Օրինագիծի բնագրի համաձայն՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութիւնը չի համապատասխաներ Միացեալ Նահանգներու շահերուն։

Դեռ որոշուած ​​չէ, թէ փաստաթուղթը երբ կրնայ քննարկուիլ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ։ Ատկէ առաջ օրինագիծը պէտք է ստանայ փորձագիտային յանձնաժողովներու հաւանութիւնը: