image

Ռուսիան անկեղծօրէն յոյս ունի, որ ԱՄՆ-ի խաղաղարար ջանքերը պտուղներ կը բերեն․ Փեսքով

Ռուսիան անկեղծօրէն յոյս ունի, որ ԱՄՆ-ի խաղաղարար ջանքերը պտուղներ կը բերեն․ Փեսքով

Մոսկուան յոյս ունի, որ ամերիկեան խաղաղարար ջանքերը պտուղներ պիտի տան։ Այս մասին Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսկոքը յայտարարած է «Իզվեսթիա»-ին։

«Առայժմ ամերիկացիներու հետ համագործակցութիւն չկայ։ Եկէք դուրս գանք ատկէ։ Կան ամերիկացիներու խաղաղարար ջանքերը, որուն համար մենք անոնց շատ շնորհակալ ենք, եւ որոնք կը շարունակուին եւ այժմ կրկին աշխուժացած են։ Մենք անկեղծօրէն յոյս ունենք, որ այդ ջանքերը պտուղներ պիտի տան», -ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։