image

Իրաքի տարածքէն հարուածներ՝ Սէուտական Արաբիոյ

Իրաքի տարածքէն հարուածներ՝ Սէուտական Արաբիոյ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Իրաքի տարածքէն արձակուած քանի մը անօդաչու թռչող սարքեր հարուածած են Ռիատի եւ Մետինայի շրջաններուն մէջ գտնուող Արեւելք-Արեւմուտք նաւթատարը։ Հարուածներուն հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր եւ նիւթական վնասներ։

Նշուած է, որ Սէուտական Արաբիան որոշած է պատասխան հարուած չհասցնել Իրաքի մէջ գործող «Իսլամական դիմադրութեան»։ Փոխարէնը կոչ ըրած է Իրաքին՝ անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկելու իր տարածքէն դրացի երկիրներու վրայ յարձակումները կանխելու համար։

Յայտնի է, որ նաւթատարին աշխատանքը դադրեցուած է, սակայն չէ նշուած, թէ որքան ժամանակ պիտի պահանջուի անոր վերականգնման համար։

Սէուտական Արաբիան տասնամեակներէ ի վեր կը մնայ հում նաւթի աշխարհի խոշորագոյն արտահանողը։