Մենք այժմ Իսրայէլի հետ նոր բանակցութիւններ չենք վարեր։ Այս մասին յայտարարած է Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունը, որ այցելած է երկրի հարաւը գտնուող Նապաթիա քաղաքը եւ հանդիպած տեղւոյն բնակչութեան հետ։
«Մենք այժմ Իսրայէլի հետ նոր բանակցութիւններ չենք վարեր եւ կը պահանջենք անոր զօրքերուն դուրսբերումը, գերիներու եւ տեղահանուածներու վերադարձը։ Մեր պետութիւնը այս պահուն կ՚աշխատի աւերուած քաղաքներու վերականգնման ուղղութեամբ, իսկ իմ այցելութիւնը Նապատթիա կը վկայէ քաղաքացիներուն առջեւ իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու իշխանութիւններուն հաստատակամ մտադրութեան մասին», նշած է ան։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ Սեպտեմբեր 15-16-ին Հռոմի մէջ, ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ նախատեսուած՝ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու ութերորդ փուլը յետաձգուած է մինչեւ Հոկտեմբեր։
Ամերիկեան աղբիւրները յայտնած են, որ նման որոշման պատճառը կողմերուն նախապատրաստուիլն է այլ միջոցառումներու, այդ կարգին՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բարձրաստիճան շաբաթուան։