image

Կաթողիկոսի գործով դատախազը ազատուած է աշխատանքէն

Կաթողիկոսի գործով դատախազը  ազատուած է աշխատանքէն

Կաթողիկոսի եւ 6 եպիսկոպոսներու գործով դատախազ Խաչատուր Գալստեան իր դիմումին համաձայն ազատուած է աշխատանքէն։ 

Դատախազութենէն յայտնած են, որ աշխատանքէն ազատումը որեւէ կապ չունի կաթողիկոսին եւ վեց եպիսկոպոսներուն գործին հետ։

Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ այդ գործով քրէական հետապնդումը իրականացուցած եւ մեղադրական եզրակացութեամբ գործը դատարան ուղարկած է նշեալ դատախազը։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներուն վերաբերող քրէական գործը երեք դատաւորներու մակագրուելէ ետք տակաւին քննութեան չէ անցած։

Առաջին դատաւորը՝ Յակոբ Մանուկեան, ինքնաբացարկ յայտնած էր, երկրորդը՝ Սերժ Ռուշանեան, ընդդատութեան հարցով գործը Երեւանի դատարան ուղարկած էր, իսկ երրորդ դատաւորը՝ Վահագն Մելիքեան, դիմած է Վճռաբեկ դատարան՝ գործի ընդդատութեան հարցը լուծելու համար։