image

Թուրքիոյ մէջ. Առաջարկած են Խրիմը ճանչնալ, որպէս Ռուսաստանի մաս

Թուրքիոյ մէջ. Առաջարկած են Խրիմը ճանչնալ, որպէս Ռուսաստանի մաս

Անգարայի մէջ կայացած հանրահաւաքին Թրքական Vatan կուսակցութիւնը կոչ ըրած է փակելու ամերիկեան ռազմակայանները Թուրքիոյ մէջ եւ Խրիմը ճանչնալ որպէս Ռուսաստանի տարածք՝ ի պատասխան ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Մենք կը դիմենք կառավարութեան: Պայտընի յարձակման կարելի չէ պատասխանել բառերով: Գործողութիւն ձեռնարկելը հրամայական է: Խրիմի եւ Ապխազիայի, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ճանաչման համար պէտք է դիւանագիտական շփումներ սկսին Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի հետ»,- ըսած է թրքական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Օզկուր Պուրսալին:

Յիշեցնենք, որ երէկ այդ կուսակցութեան ղեկավար, տխրահռչակ Տողու Փերինչեքը յայտարարած էր Ինճիրլիքի ռազմակայանէն ԱՄՆ զօրքերու վտարման անհրաժեշտութեան մասին։ Փերինչեքը դեռ 2020-ին յայտարարած էր Խրիմը ռուսական հող ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին։

Բաւականին բուռն քաղաքական անցեալ ունեցող Տողու Փերինչեքը եղած է յայտնի ձախակողմեան գործիչ եւ մի քանի անգամ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է իր հայեացքներուն համար: 2007-ին զուիցերական դատարանը Փերինչեքը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար դատապարտած էր 90-օրեայ կալանքի եւ դրամական տոյժի: