image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան հաշուետու չէ ԵՄ-ին. Էրտողան

Թուրքիան հաշուետու չէ ԵՄ-ին. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան մտադիր չէ ԵՄ-ին հաշուետւութիւն տալ Սամարղանտի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովին մասնակցելու համար։

«Եւրոպական Միութիւնը 52 տարի կը զսպէ, թոյլ չի տար մօտենալ իրեն, իսկ յետոյ կը հարցնէ` ինչո՞ւ կը հանդիպինք այս երկրի հետ, ինչո՞ւ կը հանդիպինք միւսին: Ես բանակցութիւններ պիտի վարեմ: Այս բանակցութիւններն վարելով` մենք այս պահուն հաշուետու չենք Եւրոպական Միութեան։ Մենք կը հանդիպինք աշխարհի բոլոր երկիրներու հետ: Ես կը հանդիպիմ պարոն Սիի հետ (Չինաստանի նախագահ), ես կը հանդիպիմ պարոն Փուփինի հետ (Ռուսիոյ նախագահ), ես կը հանդիպիմ պարոն Մոտիի (Հնդկաստանի վարչապետ) հետ»,-ըսած է Էրտողան PBS հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։ Անոր խօսքը մէջբերած է Yeni Şafak թերթը:

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ Անգարայի քաղաքականութիւնը բոլոր երկիրներու հետ բանակցութիւններ վարելն է։

«Երբ մենք հանդիպումներ կ'ունենայինք Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու հետ, մեզի չէին հարցներ, թէ ինչու անոնց հետ կը հանդիպիք: Մենք անոնց հետ նոյն կերպ գործընթաց պիտի վարենք, ինչպէս եւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու հետ»,- աւելցուցած է Էրտողան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահը մասնակցած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան` Սամարղանտի մէջ կայացած նիստին, իսկ ետքը ըսած է, որ Թուրքիոյ նպատակը ՇՀԿ-ին անդամակցիլն է: