Անգարան տեղեկացուցած է Մոսկուային, որ համաձայն չէ քրտական «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու կողմէ վերահսկուող շրջաններուն մէջ սուրիական բանակի ստորաբաժանումներու տեղակայման։ Այս մասին 29 նոյեմբերին Քաթարի Al Jazeera հեռուստաալիքին տեղեկացուցած է թրքական աղբիւրը։
«Մենք Մոսկուային տեղեկացուցած ենք մեր անհամաձայնութեան մասին՝ կապուած «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու (տեղակայման) շրջաններուն մէջ սուրիական կառավարական ուժերու պաշտօնական տեղակայման հետ »,- նշած է ան։
«Մենք նաեւ ռուսական կողմի ուշադրութիւնը հրաւիրած ենք «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ը ցրելու եւ (այդ քրտական կազմաւորումները) (Սուրիոյ) Ռուսիոյ ազդեցութեան ոլորտի մէջ մտնող տարածքէն դուրս բերելու անհրաժեշտութեան վրայ»,- աւելցուցած է հեռուստաալիքի զրուցակիցը։