«Տրամաբանական է, որ ընդդիմութիւնը պէտք է դէմ քուէարկի ալիեւեան սահմանադրութեանը, ուղղակի մի փոքրիկ նյուանս կայ․ Հայաստանում ոչ ոք չի պատրաստւում ընդունել ալիեւեան սահմանադրութիւն»,-ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը՝ անդրադառնալով ընդդիմութեան՝ նոր սահմանադրութեան դէմ քուէարկելու յայտարարութիւններուն։
Ազգային Ժողովի նախագահի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ առաջարկ կայ՝ ընդունիլ նոր սահմանադրութիւն, որ ըլլայ քուէարկուած հայ ժողովուրդի կողմէ․ «Հայաստանի ժողովուրդը ի բնէ չի կարող քուէարկել մի սահմանադրութեան, որն իրենը չէ․ երբ կը քուէարկի, կ՚ասի՝ իրենն է։ Ես չեմ հասկանում՝ որն է տրամաբանութիւնը՝ չթողնել ժողովուրդը որոշի»,- շեշտած է Ազգային Ժողովի նախագահը։
Ան վստահեցուցած է, որ բնագիրը չտեսնելով՝ ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ այն վատ է․ «Հռչակագիրը եւ յղումը հնարաւոր չէ հանել այն պարզ պատճառով, որովհետեւ սահմանադրութեան տեքստում ոչինչ չկայ․ այն գրւում է լրիւ զրոյից։ Ենթադրենք՝ իրենք դէմ են, ի՞նչն է խանգարում իրենց ժողովրդին հնարաւորութիւն տալ որոշելու»,- ընդգծած է Ռուբինեանը։
Ան նշած է, որ տրամաբանական կ՚ըլլայ, եթէ սահմանադրութիւնը դրուի քուէարկութեան, եւ եթէ ժողովուրդը մերժէ այն, ապա քաղաքական նոր իրավիճակ կ՚ըլլայ։