image

Թուրքիան դէմ է Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ սուրիական զօրքերու տեղակայման

Թուրքիան դէմ է Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ սուրիական զօրքերու տեղակայման

Անգարան տեղեկացուցած է Մոսկուային, որ համաձայն չէ քրտական  «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու կողմէ վերահսկուող շրջաններուն մէջ սուրիական բանակի ստորաբաժանումներու տեղակայման։ Այս մասին 29 նոյեմբերին Քաթարի Al Jazeera հեռուստաալիքին տեղեկացուցած է թրքական աղբիւրը։ 

«Մենք Մոսկուային տեղեկացուցած ենք մեր անհամաձայնութեան մասին՝ կապուած «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու (տեղակայման) շրջաններուն մէջ սուրիական կառավարական ուժերու պաշտօնական տեղակայման հետ »,- նշած է ան։

«Մենք նաեւ ռուսական կողմի ուշադրութիւնը հրաւիրած ենք «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ը ցրելու եւ (այդ քրտական կազմաւորումները) (Սուրիոյ) Ռուսիոյ ազդեցութեան ոլորտի մէջ մտնող տարածքէն դուրս բերելու անհրաժեշտութեան վրայ»,- աւելցուցած է հեռուստաալիքի զրուցակիցը։