image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան-Իրան սահմանին քննարկուած են սահմանային անցակէտերու միջեւ համագործակցութեան խորացման հարցերը

Հայաստան-Իրան սահմանին քննարկուած են սահմանային անցակէտերու միջեւ համագործակցութեան խորացման հարցերը

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յակոբեան այցելած է Իրան-Հայաստան միջպետական սահմանի «Նորտուզ» սահմանային անցակէտը։

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն, դեսպան Յակոբեան անցակէտին մէջ հանդիպում ունեցած է Ջուլֆայի կուսակալ Եահեա Տաշթիի, «Նորտուզ» սահմանային անցակէտի ղեկավար Մոհամմատ Էպրահիմ Նուշիրանզատէի, ինչպէս նաեւ Կապանի մէջ ԻԻՀ գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետի Վարամինի հետ։

Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու սահմանային անցակէտերուն միջեւ համագործակցութեան խորացման, բեռնատարներու տարանցման դիւրացման, առկայ խոչընդոտներու վերացման եւ քաղաքացիներու պատշաճ սպասարկման վերաբերող հարցեր։

Դեսպան Յակոբեան կարեւոր նկատած է Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի վերջին ռազմական գործողութիւններու ընթացքին «Մեղրի» եւ «Նորտուզ» սահմանային անցակէտերուն գործունէութիւնը, որոնք ստեղծուած պայմաններուն մէջ հիմնական առանց էական խոչընդոտներու սպասարկած են բազմաթիւ քաղաքացիներ։

ՀՀ դեսպանը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Մեղրիի սահմանային անցակէտի վերակառուցումը եւ սահմանային երկրորդ կամուրջին շինարարութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տան մեծցնելու փոխադրական թողունակութեան ծաւալները եւ խթանելու երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները։