ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Axios-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ զգուշացուցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, որ ան կրնայ մնալ առանց աջակցութեան, եթէ կրկին պատերազմ սկսի Իրանի դէմ։
Ըստ պարբերականին՝ Թրամփն ու Նաթանիահուն հեռաձայնային զրոյց ունեցած են այն բանէ ետք, երբ Իսրայէլ պատասխանած է Իրանի հարուածներուն։ Ըստ Թրամփի՝ տարածաշրջանի հինգ երկիր կապ հաստատած է իր հետ եւ խնդրած, որ ինք Նաթանիահուն ստիպէ դադրեցնելու գործողութիւնները։
Թրամփ նաեւ նշած է, որ Յունիս 8-ի առաւօտեան իրանական կողմէն հաղորդագրութիւններ ստացած է. անոնք ըսած են, թէ պատրաստ են դադրեցնելու հարուածները, եթէ Իսրայէլ նոյնը ընէ։
Թրամփ հեռաձայնած է Նաթանիահուին եւ խնդրած, որ վերջ տայ գործողութիւններուն։
«Ես ըսի. «Պիպի՛, աւելի լաւ է զգոյշ ըլլաս, այլապէս շուտով առանձին պիտի մնաս»»,– Թրամփի խօսքերը մէջբերած է Axios-ը։
ԱՄՆ նախագահը լրատուամիջոցին հետ զրոյցին նաեւ նշած է, որ Իսրայէլ շատ ուշ տեղեկացուցած է իրենց հարուածներուն մասին։
«Անոնք արդէն ատոր ճանապարհին էին։ Բայց ես, ի վերջոյ, սահմանափակեցի զանոնք (խմբ.՝ իսրայէլական հարուածները)»,– նշած է Թրամփ։
Իսրայէլեան աղբիւրներէն մէկը Axios-ին ըսած է, որ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին տարակարծութիւններ եղած են, սակայն Նաթանիահու համաձայնած է դադրեցնելու հարուածները, եթէ Իրան այլեւս չյարձակի Իսրայէլի վրայ։
Յունիս 7-ի երեկոյեան Իրան աւելի քան երկու տասնեակ հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ՝ ի պատասխան Պէյրութի արուարձաններէն մէկուն մէջ «Հըզպալլա»-ի թիրախներուն դէմ իսրայէլական բանակին իրականացուցած ռմբակոծումներուն։ Իրանական կողմը նշած է, որ Իսրայէլ կործանարար հարուածներ ստացած է։
Իսրայէլ իր կարգին յայտարարած է, որ Իրանէն արձակուած բոլոր հրթիռները կա՛մ խոցուած են, կա՛մ ինկած բաց տարածքներու մէջ։ Իսրայէլի բանակն ալ յայտարարած է Իրանի կեդրոնական եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ գտնուող ռազմական թիրախներու դէմ հարուածներ հասցնելու մասին։
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ կողմերուն կոչ ուղղած է դադրեցնելու կրակը եւ յայտարարած է բանակցութիւններու մասին։ Կողմերը Յունիս 8-ին յայտարարած են, որ կը դադրեցնեն հարուածները։