image

Իսրայէլ դադրեցուցած է Լիբանանի հարաւի հարուածները՝ սպասելով ԱՄՆ-ի հետագայ քայլերուն

Իսրայէլ դադրեցուցած է Լիբանանի հարաւի հարուածները՝ սպասելով ԱՄՆ-ի հետագայ քայլերուն

Իսրայէլի բանակը դադարեցուցած է Լիբանանի հարաւի հարուածները՝ ԱՄՆ-ի խնդրանքով։

Իսրայէլական պետական KAN հեռուստաընկերութիւնը, յղում ընելով Իսրայէլի անվտանգութեան կառոյցներու անանուն ներկայացուցիչին, յայտնած է, որ Թել Աւիւի կառավարութեան կողմէ բանակին տրուած հրամանը՝ ԱՄՆ-ի պահանջներուն համապատասխան, ուժի մէջ պիտի մնայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ պարզուած Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ լարուածութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ բանակցութիւններու ընթացքը։

Հաղորդման համաձայն՝ Թել Աւիւը դիտարկած էր Իրանին հնարաւոր պատասխան հարուած հասցնելու տարբերակը՝ ներառեալ իրանական ռազմավարական թիրախները հարուածելու հնարաւորութիւնը։ Սակայն Սպիտակ տան խնդրանքով իսրայէլեան բանակին հրահանգուած է «մնալ սպասման ռեժիմի մէջ», որ ներկայիս լարուածութիւնը չտարածուի նաեւ Իսրայէլի վրայ։

Միեւնոյն ժամանակ KAN-ը յայտնած է, որ կը սպասուի որ յաջորդ շաբաթ Իսրայէլի բանակը սկսի դուրս բերել զօրքերը Լիբանանի հարաւը գտնուող որոշ հատուածներէն։

Զօրքերու դուրսբերման գործընթացին զուգահեռ Հռոմի մէջ պիտի կայացուի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը։

Հռոմի մէջ կայանալիք բանակցութիւններուն իսրայէլեան պատուիրակութունը պիտի ղեկավարէ ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եէխիել Լայթերը։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ընդգրկուի նաեւ տեխնիկական խումբը, որ մասնակցած է նախորդ բանակցային փուլերուն։

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտեոն Սաարը յայտարարած է, որ Լիբանանի հետ բանակցութիւններու հերթական փուլը պիտի կայանայ յաջորդ շաբաթ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ։

Իտալիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիո Թայանին, իր հերթին, յայտնած է․ «Հռոմի մէջ բանակցութիւններու կայացումը հաստատուած է։ Նախատեսուող ամսաթիւը յուլիս 15-16-ն է։ Սակայն այդ որոշ չափով կախուած է ամերիկացիներէն, լիբանանցիներէն եւ իսրայէլցիներէն․ անոնք պէտք է վերջնական որոշում կայացնեն։ Մենք յայտնած ենք մեր պատրաստակամութիւնը»։