image

Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ 121-ամեակը

Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ 121-ամեակը

Օրերս, Թեսաղոնիկէի մէջ մեծ շուքով նշուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 121 ամեակը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմի բարեջան առաջնորդ` Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան առաջնորդ` Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի, Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ին Թեսաղոնիկէի Տէր-Զաքարեան սրահէն ներս, մեծ շուքով նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 121 ամեակը։ 

Առաջնորդին բացման աղօթքէն ետք, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Յակոբ Գասպարեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա Պետրոս Հալաճեան ներկայացուց անցնող տարուան իրագործումները: Երեկոն մշակութային շունչով լեցուց Թեսաղոնիկէի համազգայինի պարախումբը: 

Աւարտին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան հրաւիրեց Առաջնորդ հայր սուրբը պարգեւատրելու եկեղեցւոյ երգեհոնահար եւ երկար տարիներու նուիրեալ՝ Նունէ Տօնիկեանը եւ դպրապետ՝ Գոռ սրկ. Համբարձումեանը: Հայր սուրբը գնահատելով պարգեւեալները շեշտեց ծառայութեան յրամաեականը սփիւռքեան կեանէն ներս: