image

Թեհրանի փափաքը՝ վերականգնել 2015 թուականի պայմանագիրը

Թեհրանի  փափաքը՝    վերականգնել  2015 թուականի պայմանագիրը

Իրանը Միացեալ Նահանգներուն կը յորդորէ «կատարել վճռական քայլ եւ հրաժարիլ սահմանած պատժամիջոցներէն, ինչ որ թոյլ կու տայ վերականգնել 2015 թուականի միջուկային պայմանագիրը»: Այդ մասին ըսած է Իրանի արտաքին գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն:

«Այսօր Միացեալ Նահանգներն ունի հնարաւորութիւն ապակառուցողական գործողութիւններու փոխարէն յստակ օրակարգով գալու Վիեննա, եթէ անոնք գան այդպիսի օրակարգով եւ պատժամիջոցները չեղարկելու վճիռով եւ եթէ կատարեն ստանձնած պարտաւորութիւնները` համաձայնութեան հասնիլը հնարաւոր պիտի դառնայ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ», ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը: