Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակումը որակած է «ահաբեկչութիւն» եւ դատապարտած այն: Ան պահանջած է սեղմ ժամկէտներու մէջ հետաքննել ու պատժել մեղաւորները, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հաղորդուած է նաեւ, որ Ատրպէյճանը յառաջիկային պիտի տարհանէ դեսպանատան անձնակազմը:
Տեղի լրատուամիջոցները հաղորդած են նաեւ, որ Պաքուն հերքած է Թեհրանի վարկածը՝ դեսպանատան վրայ յարձկման շարժառիթներու վերաբերեալ:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէն ըսած է.«Մենք չենք հաւատար, որ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակումը կատարուած է անձնական կամ ընտանեկան շարժառիթով։ Մենք կը դատապարտենք այս յարձակումը եւ Իրանի կառավարութենէն կը պահանջենք անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել սադրիչները բացայայտելու համար։ Իրանեան կողմը պէտք է միջոցներ ձեռնարկէ մեր դեսպանատան վրայ յարձակման դէմ։ Թեհրանը պէտք է միջոցներ ձեռնարկէ Իրանի մէջ հակաատրպէյճանական արշաւի դէմ։ Վերջին ամիսներուն իրանեան լրատուամիջոցներուն մէջ հակաատրպէյճանական լայնածաւալ քարոզչութիւն իրականացուած է, որ խթան հանդիսացած է յարձակման համար։ Ատրպէյճանը միշտ եղած է Իրանի հետ բարիդրացիութեան կողմնակից, սակայն նման սադրանքները բացասական ազդեցութիւն կ'ունենան։ Յարձակման ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ իրանեան կողմը»: