image

Թեհրան պատրաստ է ուժով պատասխանելու Իսրայէլի հնարաւոր յարձակման. Թուրքիոյ մէջ Իրանի դեսպան

Թեհրան պատրաստ է ուժով պատասխանելու Իսրայէլի հնարաւոր յարձակման. Թուրքիոյ մէջ Իրանի դեսպան

Թուրքիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մուհամմետ Հասան Հապիպոլլազատէն Իսրայէլին սպառնացած է ուժային պատասխան տալ՝ անոր կողմէ հնարաւոր յարձակման պարագային, գրած է թրքական «Sabah» թերթը։

«Այս պահէն սկսեալ այն դարաշրջանը, երբ Իրանը հաւատարիմ էր ողջախոհութեան, աւարտած է: Եթէ սիոնիստական ​​ռեժիմը յարձակի Իրանի վրայ, այն կոշտ ուժային պատասխան պիտի ստանայ: Իրանն այն երկիրը չէ, որ կ՚ուզէ, որ պատերազմը տարածուի: Մենք կ՚ուզենք, որ հրադադար հաստատուի Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ, բայց պայմանով, որ այդ երկիրներու եւ բնակչութեան իրաւունքները կը պաշտպանուին»,- թերթը մէջբերած է դեսպանի խօսքերը։

Հապիպոլլազատէն նշած է, որ կը սպասուի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի այցը Անգարա։ Ան բանակցութիւններ պիտի ունեանայ Հարաւային Կովկասի «3+3» հարթակի շրջածիրէն ներս։ Դեսպանը յիշեցուցած է, որ այս ձեւաչափով (Ատրպէյճան, Հայաստան, Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա, Վրաստան) մասնակիցներու երրորդ հանդիպումը նախատեսուած է ունենալ Թուրքիոյ մէջ։