image

«Թարգմանական դամբանական». Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Մարկ Նշանեանի նոր հատորը

«Թարգմանական դամբանական». Երեւանի մէջ  լոյս տեսած է Մարկ Նշանեանի նոր հատորը

Լոյս տեսած է ֆրանսահայ փիլիսոփայ Մարկ Նշանեանի յօդուածներու ժողովածուն, որ վերնագրուած է «Թարգմանական դամբանական»։

Ժողովածուն կ՚ամփոփէ հեղինակի՝ տարբեր տարիներուն գրած յօդուածները, կարդացած դասախօսութիւններն ու կատարած թարգմանութիւնները. հիմնական նիւթը քայքայումն ու կորուստն է, խնդրոյ առարկան այն հեղինակներն են, որոնք ձգտած են նոյնանալ քայքաումի ու կորուստի հետ՝ Հիոլտեռլին, Նիցչէ, Պենիամին, Պլանշօ եւ այլք։

Հատորը նուիրուած է Վահան Իշխանեանի յիշատակին։ 

Նշենք, որ  հատորը    անհատական նախաձեռնութիւն է,  իսկ գրքի  խմբագրութիւնը կատարած է  հայրենի տաղանդաւոր մտաւորական՝ Դաւիթ Մոսինեան։