image

Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովը

Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 18-ի երեկոյեան, պաշտօնապէս բացուած է ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովը՝ COP17-ը։ Հոկտեմբեր 19-30 նախատեսուած քննարկումներուն առանցքը կենսաբազմազանութեան պահպանման ուղղութեամբ միջազգային պարտաւորութիւններու կատարումն է։

 

Բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Շրջակայ միջավայրի նախարար Համբարձում Մաթեւոսեան եւ ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի գործադիր քարտուղար Աստրիտ Շոմաքըր։

«Սերունդներ շարունակ մենք մեր տնտեսութիւններն ու քաղաքները կառուցել ենք այն պատկերացմամբ, թէ կարծես բնութիւնն անսպառ ռեսուրս է, որը մենք կարող ենք կառավարել եւ ի վերջոյ ամբողջութեամբ ենթարկել մեզ։ Բայց բնութիւնն այդպէս չի գործում»,- յայտարարած է Փաշինեանը։

Անոր համաձայն՝ Երեւանի համաժողովի գլխաւոր առաքելութիւնն է գնահատել մինչեւ այժմ արձանագրուած յառաջընթացը, բացայայտել բացերը եւ համաձայնութեան հասնիլ յառաջիկայ առաջնահերթ քայլերուն շուրջ։

«Թող սա լինի այն պահը, երբ խօսքերից անցնում ենք գործի եւ մասնատուածութիւնից՝ համագործակցութեան»,- ըսած է ան։

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է բազմակողմանի համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ բնապահպանական խնդիրները լուծելու համար։ Իր կարգին, Աստրիտ Շոմաքըր անդրադարձած է միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին եւ բնութեան պահպանութեան համար համատեղ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան։

Համբարձում Մաթեւոսեան յայտարարած է, որ Հայաստանը, Քոլոմպիոյ հետ, նախաձեռնած է 17 երկիրներու մասնակցութեամբ համագործակցութիւն մը՝ վտանգուած տեսակներու վերականգնման նպատակով։

COP17-ի ընթացքին առաջին անգամ համաշխարհային մակարդակով պիտի գնահատուի 2022-ին ընդունուած Քունմին-Մոնթրէալի Կենսաբազմազանութեան համաշխարհային շրջանակի գործադրման յառաջընթացը։ Փաստաթուղթին հիմնական նպատակներէն մէկն է մինչեւ 2030 թուականը ապահովել ցամաքային եւ ծովային տարածքներու առնուազն 30 տոկոսին պահպանութիւնը։

 

Համաժողովին նախորդած էր Հոկտեմբեր 16-ին Երեւանի մէջ կայացած առաջնորդներու գագաթնաժողովը, որուն ընթացքին ընդունուած էր Երեւանի հռչակագիրը։