image

Թալին շրջանին մէջ լարուած մթնոլորտ. Պատճա՞ռը

Թալին շրջանին մէջ լարուած մթնոլորտ. Պատճա՞ռը

Այս պահուն Թալինի մէջ մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր կեդրոնացած են. Քիչ անց այստեղ տեղի պիտի ունենայ Թալին խոշորացուած համայնքի նորընտիր աւագանիի անդրանիկ նիստը, ուր համայնքապետ պէտք է ընտրուի:

Այստեղ նաեւ մեծ թիւով քաղաքայիններ հաւաքուած են, որոնք հիմնականին մէջ «Զարթօնք» կուսակցութեան համակիրներ են:

Նշենք, որ թէեւ ՔՊ-ն Թալինի մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններուն ստացած է 46,6 տոկոս ձայն, սակայն ընտրութիւններուն մասնակցած միւս երեք ուժերը («Զարթօնք», «Հայք» եւ «Մեր համայնքը»), որոնք առանձին-առանձին անհամեմատ քիչ ձայն ստացած են, կոալիցիա կազմած են եւ մտադիր են իրենց կազմէն ընտրել համայնքի ղեկավար: Խոսքը «Հայք»-ի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեանի մասին է:

Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ «Զարթօնք» կուսակցութեան անդամներէն երեքը բերման ենթարկած են ոստիկանութեան Թալինի բաժին: Բացի այդ, «Հայք» կուսակցութիւնը լարուածութիւնը թօթափելու համար որոշում կայացուցած էր հրաժարիլ մանտաթներէն, սակայն ըստ երեւոյթին անոնք մանտաթները վայր չեն դրած եւ այսօր կը մասնակցին աւագանիի նիստին: