image

Տեղի մէջ զոհուած 4 զինծառայողները յետմահու պարգեւատրուած են

Տեղի մէջ զոհուած 4 զինծառայողները յետմահու պարգեւատրուած են

ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքին մէջ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու սադրանքի հետեւանքով ապրիլ 11-ին զոհուած 4 զինծառայողները յետմահու պարգեւատրուած են, կը տեղեկանանք նախագահի մամուլի ծառայութենէն։

Այսպէս. թիւ N զօրամասի ստորաբաժանման հրամանատար, մայոր Մկրտիչ Յարութիւնեանը պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով, իսկ միւս երեք` թիւ N զօրամասի դասակի հրամանատար, լեյտենանտ Արթուր Սահակեանը, թիւ N զօրամասի սպայ, լեյտենանտ Հենրիկ Քոչարեանը, թիւ N զօրամասի զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Նարեկ Սարգսեանը պարգեւատրուած են Արիութեան մետալով։