Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) հոկտեմբեր 2025-ին լոյս ընծայեց «A Man and A Legacy/Մարդը եւ աւանդը» վերտառութեամբ գիրքը` ի յիշատակ Զաւէն Խանճեանին:
Սոյն գիրքը կը պարունակէ հանգուցեալ Խանճեանին անգլերէնով եւ հայերէնով հեղինակած խմբագրականներն ու յօդուածները, որոնք հրատարակուած են AMAA News պարբերաթերթին մէջ` Աւետարանչական ընկերակցութեան որպէս գործադիր տնօրէն իր պաշտօնավարած տասնամեայ (2014-2024) ժամանակաշրջանին:
Այս երկլեզու հատորը կը բաղկանայ 160 լայնածաւալ (12՛՛ x 9՛՛) էջերէ եւ 80 յօդուածներէ, որոնցմէ 45-ը գրուած են անգլերէնով, իսկ 35-ը` հայերէնով:
Աւետարանչականի պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուած գրութիւնները ժամանակագրական կարգով համադրելու եւ զանոնք խմբագրելու դժուար, բայց շնորհաւորելի աշխատանքը կատարած է վեր. Սերոբ Մկրտիչեան` առ ի գործադրութիւն խոստումի մը, որ ըրած էր հանգուցեալ հեղինակին, անոր ապրած վերջին օրերուն:
Զաւէն Խանճեան շուրջ կէս դարու նշմարելի եւ շնորհալի ներկայութիւն մը եղաւ մեր հանրային կեանքին մէջ` որպէս ազնիւ առաքելութիւններու կոչումով մարդ, իսկ իր կեանքի վերջին տասնամեակին ան յայտնուեցաւ որպէս լուսաւոր եւ ստեղծագործ ներկայութիւն մը: Լուսաւոր` յատկապէս մարտահրաւէրները դիմակալելու իր յախուռն կեցուածքով. ստեղծագործ` իր բազմակողմանի բնատուր ձիրքերուն շնորհիւ:
Հանգուցեալ Զաւէն Խանճեան ինքնին հանրածանօթ մտաւորական մըն էր հայ մամուլի շրջանակներու մէջ: Ան հեղինակն էր երեք գիրքերու` «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս» (2007) «Սրտի եւ մտքի ցոլքեր», (2011) եւ «Հալէպ` առաջին կայարան» (2012):
Խանճեան միշտ նեցուկ եղաւ հայ մամուլին` թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս: Ան միշտ հաւատաց մամուլի կարեւոր դերին եւ վսեմ առաքելութեան: Ան օրը օրին հայ իրականութեան անցուդարձերուն մասնակից դարձուց իր բազմաթիւ ընթերցողները: Իր խմբագրականներուն եւ յօդուածներուն մէջ կրցաւ ներկայացնել սուգը մեր անցեալի աղէտներուն, հրճուանքը ներկայ նուաճումներուն եւ տեսիլքը` ապագայ յաղթանակներուն:
Սոյն հատորին մէջ հեղինակը կը ներկայանայ մեզի` իր ներհուն գրիչով, իր խորացող մտորումներով, իր լրջամիտ եւ գործնական առաջարկներով եւ մերթ ընդ մերթ իր իմաստասիրական խոկումներով: Այս գրքին ընթերցողը շուտով պիտի անդրադառնայ, որ անոր հեղինակը պրպտող միտք է, շարունակաբար հետաքրքրուած է ոչ միայն հայ շրջապատով, այլեւ` համաշխարհային տարբեր բնագաւառներու շարժումներով եւ զարգացումներով: Իր ընտրած նիւթերը հետաքրքրական են եւ զանոնք ներկայացնելու ոճը` հաղորդական: Այդ պատճառով է, որ Զաւէն Խանճեանի գրութիւնները կը կարդացուին հաճոյքով եւ անխառն բաւարարութեամբ:
Անտարակոյս, Զաւէն Խանճեանի մտաւորական եւ հոգեւոր աւանդը այս հատորով պիտի փոխանցուի իբրեւ կտակ` մեր ներկայ եւ ապագայ ընթերցասէր հասարակութեանց, որոնք անպայման պիտի զգան անկէ բխող լոյսի եւ յոյսի ճառագայթներու ջերմութիւնն ու հոգեպարար կենսունակութիւնը:
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան