image
Հրատապ լուրեր:

Ճափոնի մէջ առաջին Թումօ կեդրոնը պիտի բացուի 2025-ին

Ճափոնի մէջ առաջին Թումօ կեդրոնը  պիտի  բացուի 2025-ին

ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ Ճափոնի Թաքասաքի քաղաքին մէջ, ԹՈՒՄՕի ղեկավարներ Մարի Լու Փափազեան եւ Բեկոր Փափազեան համաձայնագիր մը ստորագրեցին Կունմայի նահանգապետ Իչիթա Եամամոթոյի հետ, Ճափոնի մէջ, 2025ի ամրան առաջին ԹՈՒՄՕ կեդրոնը բանալու համար:

Կեդրոնը արդիական սպասարկութիւններ պիտի մատուցէ մօտաւորապէս 1000 պատանիներու:

«ԹՈՒՄՕն սորվելու հարթակ մըն է: Մեզի համար թէ՛ճափոնցի պատանիներուն սովորելու նոր կարելիութիւններ ընձեռելը եւ թէ միջազգային գործընկերներէ սովորիլը կարեւոր է», նշեց ԹՈՒՄՕի զարգացման տնօրէն Բեկոր Փափազեան: 

Հայաստանէն ընթացք առած ԹՈՒՄՕն արդէն կը գործէ Փարիզի, Լիոնի, Պերլինի, Մանհէյմի, Ցիւրիխի, Քոյիմպրայի, Քիեւի, Թիրանայի եւ Պէյրութի մէջ: Կեդրոներ պիտի բացուին նաեւ Ամսթերտամի, Լոս Անճելըսի եւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ: