Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան արխիւներու դասաւորման աշխատանքը ընթացք առած է։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Ճէզիրէի Առաջնորդութեան Փոխանորդութեան (որն ի դէպ կը գործէ Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի ենթակայութեան տակ) դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Նախաձեռնութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին, շաբաթ մը առաջ սկիզբ առաւ Փոխանորդութեան արխիւներուն վերադասաւորման եւ արդիականացման աշխատանքը։
Աշխատանքը կը տարուի Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին անմիջական հսկողութեան տակ, Արժն. Տ. Պսակ Քհյն. Պէրպէրեանին եւ Բարշ. Յակոբ Սրկ. Պարսումեանին կողմէ։