Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հանդիսապետած է Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմնի կազմակերպած Մեծ Պահոց Սիրոյ սեղանին, որ տեղի ունեցած է օրերս, Սան Ֆերնանտոյի մէջ՝ համախմբելով աւելի քան 200 մասնակիցներ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, Էնսոնոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանի եւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, հանդիսապետեց Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմնի կազմակերպած Մեծ Պահոց Սիրոյ սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Սան Ֆերնանտոյի Legacy Banquet Hall-ին մէջ, ուր խմբուեցան աւելի քան 200 ներկաներ, որոնց շարքին՝ Ազգ. վարչութեան անդամներէն Տիկիններ՝ Ծովիկ Զէյթլեան եւ Էլօ Պօյաճեան, Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքի անդամներ, հարազատներ, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր:
Սիրոյ սեղանին հիւրընկալն էր Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներէն Տիկին Նենսի Պետիրեան: Օրուան հանդիսավարն էր Տիկնանց Օժանդակ մարմնի փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Սօսի Կէօքէօզեան: Կազմակերպիչ Մարմնի անունով բացման խօսքը կատարեց անդամ՝ Տիկին Մարալ Գլըճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող աւանդական ձեռնարկին բնոյթն ու կարեւորութիւնը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ օրհնէ սեղանները:
Գեղամ Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, նախ Հոգեւոր հայրերը երգեցին Արեւագալի շարականներ, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղաններն ու ներկաները, ինչպէս նաեւ՝ այս առիթով պատրաստուած աղօթական ապարանջանները, որոնք, անմիջապէս իբրեւ նուէր բաժնուեցան բոլոր ներկաներուն:
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց սրահը լեցուցած հայուհիները, որ ներկայ խառնաշփոթ ժամանակներուն մէջ ըլլան աւելի աչալուրջ եւ իրենց կարելին ընեն՝ անխաթար պահելու հայ ազգի հոգեւոր, եկեղեցական, ազգային ու ընտանեկան աւանդութիւններն ու ոգեղէն արժէքները, ապա հրաւիրեց Տ. Գարեգին Պետուրեանը, որ ներկայացնէ օրուան խորհուրդը:
Քահանայ Հայրը, հետեւողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2026 տարուան հռչակագիրին, հանդէս եկաւ՝ «Հոգեւոր կեանքի վերականգնումը մեր տուներէն ներս» նիւթով եւ մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ աստուածահաճոյ կեանք ապրելու համար որքան կարեւոր է Հոգեւորին ներկայութիւնը իւրաքանչիւր հայ-քրիստոնեայ անհատի կեանքէն ներս, ապա խրախուսեց հայուհիները, որ իրենց քրիստոնէավայել արարքներով ու բարեգործութեամբ աւելի եւս նպաստեն՝ հայկական տուներէ ներս Հոգեւորին աճման ու ընդարձակման կարեւոր գործին, որպէսզի Աստուծոյ հովանիին տակ, իրենց զաւակներով ու թոռներով, ապրին խաղաղ ու երջանիկ:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը ճոխացուց քանոնահարուհի Նեկտար, մինչ ներկաները Տիկնանց Օժանդակ մարմնի անդամներուն բծախնդիր ճաշակին եւ կազմակերպուածութեան քաղցր պտուղները վայելեցին՝ հաճելիօրէն զարդարուած սրահին մէջ ըմբոշխնելով Ս. Պահոց համադամ ուտելիքներու տեսականին:
Յայտնենք, որ ձեռնարկէն առաջ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց եւ քարոզեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան եւ Ս. Պահոց շրջանի իր խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն խրախուսեց դահլիճը լեցուցած հայ մայրերն ու քոյրերը, որ հաւատարիմ մնան դարաւոր հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային աւանդութիւններուն եւ ապրին առաքինազարդ կեանքով, ապա հայրաբար իր թելադրութիւններն ու օրհնութիւնները ուղղեց եկեղեցասէր ու ժողովրդանուէր բոլոր հայուհիներուն:


