Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նաեւ կը նշենք Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը: Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպէ հոգեւոր լսարաններ, որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ սաղմոսասացութիւններ:
Առ այդ, 12-16 օգոստոս 2024-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիլիկեան ուխտի երիտասարդ միաբան հայրեր աւելի քան 200 ուխտաւոր հաւատացեալներու փոխանցեցին ուխտի շաբթուան հոգեւոր սնունդը: Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խունկի, ջուրի, իւղի եւ հացի օրհնութեան կարգ:
Ուխտի շաբթուան աւարտին, ուրբաթ, 16 օգոստոսի առաւօտեան, եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուխտաւոր հաւատացեալները բարձրացան Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական անդաստանի եւ աղօրհնէքի արարողութիւնները: Ապա, հաւատացեալները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն