Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, մասնակցած է Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագին, որու աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահած է խորանի նոր վարագոյրի օրհնութեան։
Այս մասին «Արեւելք» «hairenikweekly»-ն մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կիրակի, 19 Ապրիլին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, մասնակցեցաւ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագին։
Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վըդ. Թահանեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, պատարագեց ու քարոզեց։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց խորանի նոր վարագոյրի օրհնութեան, որուն բարերարութիւնը ստանձնած էին տիկ. Մարի Արապեան, զաւակներն ու թոռները, իսկ Դաւիթ Սրկ. Թորամանեան սիրայօժար կատարած էր սարքաւորման աշխատանքը։
