image
Հրատապ լուրեր:

Սթէֆանի Ղուկասեան «Եթէ Այսպէս Մնայ Ապա Պուրճ Համուտին Քաոս Կը Սպառնայ» (Լուսանկարներ)

Սթէֆանի Ղուկասեան «Եթէ  Այսպէս Մնայ Ապա  Պուրճ Համուտին Քաոս Կը Սպառնայ» (Լուսանկարներ)

«Մենք վստահութիւնը կորսնցուցած են   երկրի իշխանութիւններուն  հանդէպ»  «Արեւելք»ին յայտնեց  Լիբանանցի  աքթիւիսթ ՝ Սամէր Մազէհ:  Մազէհ, որ     Պուրճ Համուտի կից եղող  Քարանթինա շրջանին մէջ  երէկ    տեղի ունեցած  բողոքի հաւաքին    կազմակերպիչներէն է նաեւ ըսաւ, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց պայքարը մինչեւ, որ երկրին մէջ իշխանափոխութիւն իրականացուի: Մազէհ նաեւ ըսաւ, որ  իրենց համար կարեւորագոյն  հանգամանքը երիտասարդական   բոլոր հատուածները   մէկ գաղափարի  շուրջ համախմբելն  է: Պատասխանելով  «Արեւելք»ի հարցումին այն մասին, թէ որպէս երիտասարդներ   ի՞նչ շինիչ առաջարկներ ունին      աղբահանութեան խնդրին լուծման համար      Մազէհ ըսաւ, որ իրենց գործը չէ աղբի խնդրին   լուծումներ որոնելը եւ այդ գործը    կառավարութեան  աշխատանքներու  ծիրին մէջ  կ'իյնայ:  Մազէհ  կասկած յայտնեց,  կառավարութեան աղբի խնդիրը լուծելու վերաբերեալ վերջերս ընդունած  ծրագրին մասին նկատել տալով, որ իշխանութիւնները ամէն գնով կը փորձեն      աղբի հարցով  նոր «անձնական» եկամուտներ ապահովել:

  Իր  կարգին    Սթէֆանի Ղուկասեան , որ    երէկ տեղի ունեցած  բողոքի  հաւաքին կազմակերպիչներէն  է  նկատել տուաւ, որ  Պուրճ Համուտի     բնակիչներուն մեծագոյն տոկոսը հայեր են եւ  անոնք բոլորը դէմ են Պուրճ Համուտի  աղբանոցին վերաբացման:  Ղուկասեան  նաեւ ըսաւ, որ       իրենք Պուրճ Համուտի  տարբեր շրջանները  այցելելէ ետք  զգացած են, որ ժողովուրդը      կը զօրակցի իրենց  նախաձեռնած շարժումին  եւ այս առումով ըսաւ,  «Շրջանի ժողովուրդը   շատ քաջալերեց մեզ  եւ    անոնց մօտ մենք  զգացինք      տիրող իրավիճակը փոխելու յոյս»: Ղուկասեան   նաեւ  նշեց, որ      իրենք  նոյնպէս  այցելած են Պուրճ Համուտի  քաղաքապետարան եւ հոն եւս     զգացած են պատկան մարմիններու ամբողջական նեցուկը եւ զօրակցութիւնը իրենց  շարժումին  նկատմամբ: Ղուկասեան լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտ շրջանին   վերաբերեալ մանաւանդ,  որ  Պէյրութի գետի ամբողջ հունը  լեցուած է  աղբով  եւ եթէ անձրեւները սկսին     այդ շրջանը կրնայ քաոսի մէջ յայտնուիլ:   «Վաղը  երբ անձրեւներ սկսին ի՞նչ պիտի ընեն  Պուրճ Համուտցիները : Հոս ապրող երեխաները ի՞նչպէս պիտի կարողանան  դպրոց յաճախել: Խնդիրը ուղղակի մտահոգիչ է եւ  պէտք է ամէն գնով շարժինք»   եզրակացուց  հայուհին: Աղբի  խնդիրը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ եւ  այս  առումով  Պուրճ Համուտի կից գտնուող Քարանթինա շրջանին մէջ   տեղի ունեցած «Պուրճ Համուտը աղբանոց չէ»     բողոքի ցոյցէն զատ  բողոքի հաւաքներ տեղի ունեցան են  նաեւ Սայտայի,   Նահմէյի եւ  այլ շրջաններու մէջ: