image

Մատաղօրհնէք` «Հարիսա»ն, Քեսապի ազատագրման 10-ամեակին առթիւ (Լուսանկարներ)

Մատաղօրհնէք` «Հարիսա»ն, Քեսապի ազատագրման 10-ամեակին առթիւ (Լուսանկարներ)

Օրերս, Քեսապի մէջ, տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցած է մայիս ամսուան Ս. Կոյս Աստուածածնի ջերմեռանդական աղօթքներու փակում, կազմակերպութեամբ` Քեսապի Հայ երեք համայնքներու։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց համացանցէն, ուր մասնաւորապէս գրուած էր՝

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ` Քեսապի Հայ երեք համայնքներու եւ մասնակցութեամբ Քեսապի երեք համայնքներու երգչախումբներու, Ուրբաթ` 31 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս.Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մայիս ամսուայ Ս. Կոյս Աստուածածնի ջերմեռանդական աղօթքներու փակում, մասնակցութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Աղօթքի ընթացքին քարոզեցին եւ շարականներ երգեցին Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքի Պատուելի` Շանթ Ակիշեան եւ Հայ Աւետարանական «Ս.երերորդութիւն» եկեղեցւոյ երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Քեսապի Հայ Առաքելական համայնքի Հոգեշնորհ` Հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան եւ Հայ Առաքելական «Ս.Աստուածածին» եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ «Ս.Միքայէլ» եկեղեցւոյ երգչախումբը։

Ս. Աստուածածնի արձանով թափօր տեղի ունեցաւ վանքին շուրջ որմէ ետք վանքին բակին մէջ աղաւնիներ արձակուեցան որպէս խորհրդանիշ խաղաղութեան, ապա տեղի ունեցաւ Քեսապի աւանդական մատաղօրհնէք` «Հարիսան», Քեսապի ազատագրման 10-րդ ամեակին առթիւ։

Ուխտի օրը աւարտեցաւ մատաղի հիւրասիրութեամբ։