SpaceX ընկերութեան Starlink գերարագ արբանեակային համացանցը գործարկուած է Ատրպէյճնի տարածքին մէջ՝ յայտնած են ընկերութենէն:
Նախորդ տարուան մարտ 21-ին Ատրպէյճանի թուային զարգացման եւ փոխադրութեան նախարար Ռաշատ Նապիեւը յայտնած էր, որ Պաքուն Starlink ընկերութեան հետ քննարկած է երկրի մէջ լայնաշերտ արբանեակային համացանցի ծառայութեան ներդրումը:
Մայիս 9-ին «Ազերքոսմոս» գործակալութեան եւ SpaceX-ի միջեւ ստորագրուած էր համաձայնագիր Ատրպէյճանի մէջ Starlink համացանցային ծառայութիւններու գործարկման վերաբերեալ:
Աւելի վաղ Starlink-ը հասանելի դարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ: SpaceX-ի համահիմնադիր Իլոն Մասքը յայտնած էր, որ Հայաստանը դարձած է աշխարհի 130-րդ շուկան, ուր հասանելի է Starlink-ի գերարագ համացանցի ծառայութիւնը: