image

Սրի Լանքա. Նախագահի հրաժարական եւ ընտրութեանց նոր թուական

Սրի Լանքա. Նախագահի հրաժարական եւ ընտրութեանց նոր թուական

Սրի Լանքայի խորհրդարանի նախագահ Մահինտա Եապա Ապէյվարտենան պաշտօնապէս հաստատած է, որ երկրի նախագահ Կոթապայա Ռաճապաքսան  հրաժարական տուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Adaderana» կայքը, յղում ընելով Ապէյվարտենայի մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըրած պաշտօնական յայտարարութեան։

«Կոթապայա Ռաճապաքսան 14 յուլիսէն պաշտօնապէս ազատած է Սրի Լանքայի նախագահի պաշտօնը»,- ըսած է Ապէյվարտենան։

Ինչպէս կը հաղորդէ Daily Mirror-ը՝ վկայակոչելով երկրի խորհրդարանի նախագահը, նոր նախագահը պիտի ընտրուի 20 յունիսին՝ խորհրդարանի նիստի ժամանակ։

«Նոր նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանէն ներս, 20 յուլիսին, ինչպէս եւ նախապէս որոշուած էր կուսակցութիւններու առաջնորդներու կողմէ», -ըսած է Ապէյվարտենան:

Անոր խօսքով՝ կուսակցութիւններու առաջնորդներու նիստի ժամանակ որոշուած է 19 յուլիսին առաջադրել նախագահի թեկնածուները, իսկ 20 յուլիսին՝ կայացնել ընտրութիւնը։